2014-01-25 09:41:54

''2014ը համամիութեան բացառիկ տարի մըն է'' կ՛ըսէ կարտինալ Քոխ` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին։


''Համամիութենական շարժումին համար, 2014ը կարեւոր մէկ թուական մը պիտի հանդիսանայ'' ըսաւ կարտինալ Քոխ` եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, ''Տառապող Եկեղեցւոյ'' բարեսիրական մարմնին հետ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին։
Կարտինալը մատնանշեց թէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին եւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.ին հանդիպումը Երուսայէմի մէջ, մայիս ամսոյն ընթացքին, յոյժ կարեւոր դէպք մը պիտի ըլլայ եւ վստահաբար իր պտուղը պիտի տայ, այնպէս ինչպէս նախապէս, 50 տարիներ առաջ, Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Կ.Պոլսոյ պատրիարք Աթենակորասի հանդիպումը իր պտուղը տուած էր, ու զարկ տուած էր համամիութեան շարժումին։ Այդ հանդիպումը սկիզբ տուաւ երկխօսութեան, սիրոյ ու ճշմարտութեան ճանապարհին։ Կարտինալը գոհունակութեամբ ընդգծեց ''Տառապող Եկեղեցւոյ'' բերած նպաստը երկխօսութեան ծիրէն ներս Ռուսիոյ մէջ։ Այդ բարեսիսրական մարմնին հիմնադիրը` հայր Սդրադեն, իր կեանքին մեծ մասը նուիրեց Արեւելեան Եւրոպայի Եկեղեցւոյ ի սպաս եւ համայնավարութեան անկումէն ետք, ուզեց իր սատարը բերել ռուս օրթոտոքս եկեղեցւոյ։
Նշենք որ ''Տառապող Եկեղեցի'' քահանայապետական իրաւասու բարեսիրական հիմնարկը, հիմնուած է 1947ին։ Ան օգնութեան կը հասնի հալածուած եկեղեցիներու հովուական ծրագիրներուն։
2012-ին կարողացաւ հաւաքել աւելի քան 90 միլիոն եւրոյ, 17 երկիրներու մէջ ունեցած կերդոններուն մէջ, եւ իրագործած է աւելի քան 5.604 ծրագիրներ, աւելի քան 140 ազգերու մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.